Գրասենեակին մասին

Ամբողջական տեղեկութիւն

Գրասենեակին մասին

Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակը (ՀՊԳ) Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբաններու Պալատին կազմէն ներս գործող կառուցուածքային ստորաբաժանում է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած պարագաներուն տակ՝ դիմորդ անձերու կը տրամադրէ իրաւաբանական անվճար օգնութիւն, կ’իրականացնէ հանրային պաշտպանութիւն:

Իրաւաբանական օգնութիւնը կը տրամադրուի գրասենեակին մէջ աշխատող փաստաբաններու, այսինքն՝ հանրային պաշտպաններու միջոցով:

Իրաւաբանական անվճար օգնութիւնը կը ներառէ

1) խորհրդատուութիւն` հայցադիմումներու, դիմումներու, բողոքներու եւ այլ իրաւաբանական բնոյթի դատավարական փաստաթուղթերու հիման վրայ, ներառեալ` իրաւաբանական տեղեկատուութեան տրամադրում.

2) ներկայացուցչութիւն կամ պաշտպանութիւն` քրէական, քաղաքացիական, վարչական եւ սահմանադրական գործերով:

Փաստաբանները, իբրեւ հանրային պաշտպան, աշխատանքի կ’ընդունուին մրցութային ընթացակարգի արդիւնքներով եւ կը վարձատրուին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն Փաստաբաններու Պալատին յատուկ այդ նպատակով տրամադրուող միջոցներով:

Գրասենեակը կը ղեկավարուի Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի ղեկավարին կողմէ, որ, ըստ օրէնքի, ունի երկու տեղակալ: Գրասենեակի բնականոն աշխատանքը կը կազմակերպուի օժանդակ անձնակազմի միջոցով (ընդունարանի պատասխանատու, օգնական, վարորդ, հաշուապահ եւ այլն):

Թէեւ Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակը ծառայութիւն կը մատուցէ պետական միջոցներով (պատուէրով), բայց անկախ է եւ չ’ենթարկուիր որեւէ պետական գերատեսչութեան: Իրաւաբանական օգնութիւն ցուցաբերելու ատեն հանրային պաշտպանները կ’ենթարկուին բացառապէս փաստաբանի վարքագիծին առաջադրուող համընդհանուր պահանջներուն եւ գրասենեակի ներքին կարգապահական կանոններուն:

Գրասենեակի ղեկավարը (տեղակալը) կը հսկէ հանրային պաշտպաններու աշխատանքին, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբանների Պալատի նախագահը (տեղակալը) Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի գործունէութեան վրայ վերահսկողութիւն կ’իրականացնէ:

Ինչպես է կատարվում պրոցեսը

Գրասենյակ դիմելուց հետո

Խորհրդատուութիւն

Դիմումը ներկայացնելէ ետք Ձեր գործը կը յղուի համապատասխան հանրային պաշտպանին, որպէսզի խորհրդատուութիւն կատարէ

Ռազմավարութեան մշակում

Խորհրդատուութենէ ետք հանրային պաշտպանը կը սկսի ռազմավարութիւն մշակել

Դատական գործ

Ռազմավարութիւնը կը նպաստէ ճիշդ կերպով ներկայանալ դատարան, դատական գործի ընթացքին

Հանրային պաշտպանի գրասենեակի

ՀՊԳ ղեկավարի տեղակալներ

Գեւորգ Մկրտչեան

Գրասենեակի ղեկավար

Թամարա Բաղդասարյան

ՀՊԳ ղեկավարի տեղակալ (քրէաիրաւական ուղղուածութեան)

Մարիամ Պետրոսյան

ՀՊԳ ղեկավարի տեղակալ (քաղաքացիաիրավական ուղղվածության)