• Share:

Բարի գալուստ

ՀՀ ՓԱՍՏԱԲԱՆՆԵՐԻ ՊԱԼԱՏԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆԻ ԳՐԱՍԵՆՅԱԿ

Հանրային պաշտպանի գրասենեակը (կրճատ ՀՊԳ) հիմնադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընկերային գետնի վրայ անապահով խաւերուն օրէնքով նախատեսուած կարգով ու պարագային իրաւաբանական անվճար օգնութիւն տրամադրելու համար։

ՀՊԳ-ի մէջ աշխատող հանրային պաշտպանը փաստաբան է, որ կը գործէ գրասենեակի ղեկավարի ներկայացումով` ՀՀ փաստաբաններու պալատի նախագահի հետ կնքած աշխատանքային պայմանագիրի հիման վրայ։ Հանրային պաշտպանը կը վարձատրուի պետական պիւտճէէն օրէնքով սահմանուած չափով եւ կարգով։

Քրէական գործերով իրաւաբանական անվճար օգնութիւնը կ’իրականացուի վարոյթը իրականացնող մարմինի որոշմումին հիման վրայ ՀՊԳ ղեկավարի կողմէ հանրային պաշտպանի նշանակումով։ Քաղաքացիական, վարչական եւ սահմանադրական գործերով` իրաւաբանական անվճար օգնութիւնը կը տրամադրուի քաղաքացիներու դիմումներուն հիման վրայ ՀՊԳ ղեկավար կողմէ օրէնքով նախատեսուած պարագային եւ կարգով։

Կարդալ աւելին Կապի միջոցներ



ՀՊԳ ՇԱՀԱՌՈՒՆԵՐ

Հանրային պաշտպանի գրասենեակ դիմելու պարագային իրաւաբանական անվճար օգնութիւն կը ցուցաբերուի հետեւեալ 16 խումբ անձերուն՝ բացառութեամբ կասկածեալ կամ մեղադրեալ անձերու (վերջիններուն օգնութիւն կը ցուցաբերուի վարոյթը իրականացնող մարմինի պահանջով)

Խումբ 1

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու պաշտպանութեան ժամանակ զոհուած (մահացած) զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն.

Խումբ 2

1-ին եւ 2-րդ խումբի հաշմանդամներուն

Խումբ 3

Դատապարտեալներուն

Խումբ 4

Ընտանիքի անապահովութեան գնահատման համակարգով հաշուառուած՝ 0-էն բարձր անապահովութեան միաւոր ունեցող ընտանիքի անդամներուն

Խումբ 5

Հայրենական մեծ պատերազմի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու պաշտպանութեան ատեն մարտական գործողութուններու մասնակիցներուն

Խումբ 6

Գործազուրկներուն

Խումբ 7

Մինակ ապրող կենսաթոշակառուներուն

Խումբ 8

Առանց ծնողական խնամքի մնացած երեխաներուն, ինչպէս նաեւ առանց ծնողական խնամքի մնացած երեխաներու կարգին պատկանող անձերուն

Խումբ 9

Փախստականներուն

Խումբ 10

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժամանակաւոր պաշտպանութիւն ստացածներուն

Խումբ 11

Այն անվճարունակ ֆիզիքական անձերուն, որոնք իրենց անվճարունակութիւնը հաստատող հաւաստի տուեալներ կը ներկայացնեն

Խումբ 12

Հոգեբուժական կազմակերպութեան մէջ բուժուող հոգեկան խանգարումներ ունեցող անձերուն

Խումբ 13

Օրէնքով սահմանուած կարգով՝ առեւանգումի (թրաֆիքինկ) եւ շահագործումի երթարկուած զոհերու նոյնացման յանձնաժողովի կողմէ զոհ կամ յատուկ կարգի զոհ ճանչցուած անձերուն

Խումբ 14

Հայաստանի Հանրապետութենէն ապաստան հայցողներուն

Խումբ 15

Խոշտանգումէ տուժած անձերուն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգիրքի 1087․3-րդ յօդուածով սահմանուած կարգով փոխհատուցում ստանալու նպատակով

Խումբ 16

«Ընտանիքին մէջ բռնութեան կանխարգելման, ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքին մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» ՀՀ օրէնքի համաձայն ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերուն

ՈՐՈՇ ՓԱՍՏԵՐ

59

Հանրային պաշտպանների հաստիքներ (2020)

7926

2020թ.-ին քաղաքացիների բավարարված դիմումներ

7361

2020թ.-ին վարույթն իրականացնող մարմիններից ստացված դիմումներ

15287

2020թ.-ի վարված գործեր

ՀՊԳ ՂԵԿԱՎԱՐ ԿԱԶՄ

ՀՊԳ ղեկավարը և նրա 2 տեղակալները

Գեւորգ Մկրտչեան

Գրասենեակի ղեկավար

Թամարա Բաղդասարյան

ՀՊԳ ղեկավարի տեղակալ (քրէաիրաւական ուղղուածութեան)

Մարիամ Պետրոսյան

ՀՊԳ ղեկավարի տեղակալ (քաղաքացիաիրավական ուղղվածության)