2005 թուականին ընդունուած «Փաստաբանութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի պահանջներուն հիման վրայ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբաններու Պալատի խորհուրդը 2006 թուականին հաստատած է Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի կանոնադրութիւնը, այսպիսով փաստացի հիմք դնելով Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի ստեղծումին:
Սկզբնապէս՝ Երեւան եւ մարզերը տուներու մէջ թէ ժամանակաւոր գրասենեակներու
մէջ կ’աշխատէին 32 հանրային պաշտպան:
2007 թուականի Յունիսին բացուած է Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի
Երեւանի նստավայրը՝ հիմք հանդիսանալով գրասենեակի յետագայ կայուն զարգացման համար:
Առաջին տարիներուն, օրէնքի կարգաւորումներուն համապատասխան,
իրաւաբանական անվճար օգնութիւն կը ցուցաբերուէր բացառապես Հայաստանի Հանրապետութեան
քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած պարագաներուն՝ քրէական հետապնդման ենթարկուող
անձերու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքով սահմանուած
պարագաներուն՝ սննդագինի գանձման վերաբերեալ գործերով եւ անդամալուծութիւն կամ առողջութեան
այլ վնաս պատճառելու, ինչպէս նաեւ կերակրողի մահուան հետեւանքով պատճառուած վնասի փոխհատուցման
վերաբերեալ գործերով:
Այնուհետեւ՝ 2011 թուականին
ընդունուած օրէնսդրական փոփոխութիւններու շնորհիւ քաղաքացիական, վարչական եւ այլ գործերով
իրաւաբանական անվճար օգնութիւն ստանալու իրաւունք ունեցող անձերու թիւը օրէնսդրօրէն
ընդլայնուած է՝ ընդգրկելով 11 խումբ անձեր: Ընդ որում, որոշ խումբերու կարգաւորումները
ուժի մեջ մտած են 1 Յունուար 2013-էն, իսկ միւսներունը՝ 1 Յունուար 2014 –էն:
Յետագայ տարիներուն եւս
օրէնսդրական լրացումներու շնորհիւ աւելցած են իրաւաբանական անվճար օգնութիւն ստանալու
իրաւունք ունեցող անձերու խումբերը: Ներկայիս՝ գրասենեակ դիմելու պարագային, իրաւաբանական
անվճար օգնութիւն կը մատուցուի 16 խումբի:
Օրէնսդրական փոփոխութիւններուն
զուգահեռ, Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի յաւելեալ ծանրաբեռնուածութեան հետեւանքով՝
պետութեան կողմէ հանրային պաշտպաններու հաստիքներուն (դրոյք, պաշտօն) համար յատկացուող
միջոցները աւելցած են: Ատոր շնորհիւ՝ 2016 թուականին հանրային պաշտպաններու հաստիքներու
քանակը հասած է 54-ի: Հակառակ
ծանրաբեռնուածութեան կայուն աճին, եւ ատոր կողքին՝ պայմանաւորուած իրաւաբանական անվճար
օգնութիւն ստանալու իրաւունք ունեցող անհատներու շրջանակի օրէնսդրական ընդլայնումին,
2016 թուականէն ի վեր պետութեան կողմէ գրասենեակին յատկացուած հաստիքները չեն
վերանայուած եւ լրացուցիչ հաստիքներ չեն տրամադրուած:
Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակը հիմնուած է ինչպէս Հայաստանի,
այնպէս ալ տարածաշրջանի համար բոլորովին նոր հայեցակարգի ներդրումով: Հանրային Պաշտպանի
Գրասենեակի կազմաւորման ամբողջ ընթացքին ճնշում գործադրուած է հանրային պաշտպանի գործունէութեան այս կերպէն հրաժարելու,
սակայն տարիներու հետեւողական աշխատանքն ու մատուցուող բարձրորակ ծառայութիւնները իրականութեան
մէջ ապացուցած են ընտրուած գործելակերպին արդիւնաւէտութիւնն ու արդիականութիւնը:
Ամերիկեան Իրաւաբաններու Ընկերակցութեան Իրաւունքի Գերակայութիւն
Նախաձեռնութիւնը անուրանալի աջակցութիւն ցուցաբերած է Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի
ստեղծման եւ կայացման մէջ: Ան հանդիսացած է գրասենեակի կայուն գործընկերը՝ շարունակաբար
աջակցելով գրասենեակին՝ հանրային պաշտպանութեան ծառայութիւններու իր կարողութիւնները
գնահատելու եւ արդիւնաւէտ զարգացնելու համար:
Գոյության ամբողջ ընթացքին՝ թե՛ սեփական ուժերով, թե՛ համագործակցութիւնների
շնորհիւ՝ գրասենեակը շարունակաբար աշխատած է իր ծառայություններուն որակը հետզհետէ բարձրացնելու,
հանրային պաշտպաններու հմտութիւններն ու գիտելիքները բազմակողմնակի կերպով զարգացնելու, նոր մեթոտաբանութիւն եւ հնարաւորութիւններ ներդնելու
ուղղութեամբ: Շարունակաբար բարելաւած է ներքին կազմակերպումը, վարչարարութիւնը եւ վերահսկողութիւնը,
ինչպէս նաեւ գրասենեակի գործունէութեան թափանցիկութիւնը:
Ասոնցմէ բացի, մշտապէս իրականացուած են հանրային իրազեկումի
միջոցառումներ, որոնք միտուած են բարձրացնելու քաղաքացիներու իրազեկուածութիւնը պաշտպան
ունենալու իրաւունքի եւ Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի ծառայութիւններու վերաբերեալ:
Արդիւնքը՝ իւրաքանչիւր տարի գրասենեակ դիմող անհատներու քանակի կայուն աճն է: