Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի ղեկավարը կը նշանակուի Փաստաբաններու
Պալատի Խորհուրդին կողմէ` Փաստաբաններու Պալատի նախագահի ներկայացումով՝ առնուազն հինգը տարուան փաստաբանական ծառայութիւն ունեցող անդամներու կազմէն, չորս տարուան պայմանաժամով:
Ներկայիս գրասենեակը կը ղեկավարէ փաստաբան Գեորգ Մկրտչեանը (արտօնագիր՝ թիւ 1229):
Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի
ղեկավարը ի պաշտօնէ`
1) կը ներկայացնէ հանրային
պաշտպանի գրասենեակը.
2) կը կազմակերպէ օրէնքով
նախատեսուած պարագաներուն՝ իւրաքանչիւրին համար հաւասարապէս մատչելի եւ արդիւնաւէտ
իրաւաբանական օգնութեան իրականացում.
3) կը կատարէ աշխատանքի բաժանում
հանրային պաշտպաններու միջեւ.
4) կ’ընդունի որոշումներ Հանրային
Պաշտպանի Գրասենեակի բնականոն գործունէութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ.
5) որոշում կը կայացնէ հանրային
պաշտպանութիւն իրականացնելու մասին, որոշումը կամ դիմումը բաւարարելու եւ գործը հանրային
պաշտպանին յանձնելու մասին կամ հանրային պաշտպանութիւն իրականացնելու դիմումը մերժելու
մասին.
6) Կը հսկէ հանրային պաշտպանների
կողմէ մատուցուած իրաւաբանական օգնութեան որակին եւ պայմանաժամերուն վրայ.
7) միջնորդութիւն կը ներկայացնէ
հանրային պաշտպանի նկատմամբ կարգապահական վարոյթ (քրէական գործի նախաքննութիւն եւ քննութիւն)
յարուցելու համար.
8)կրնայ դիմել
պետական կամ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կամ տնտեսավարող մարմիններուն` անվճարունակ
անձերու անվճարունակութեան փաստը ստուգելու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անվճար օգնութիւն
ցոյց տալու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով:
Գրասենեակի ղեկավարը իրաւաբանական
անվճար օգնութիւն չի կատարեր եւ գործ չի բռներ: