Հսկողութիւն եւ վերահսկողութիւն

  • Գլխաւոր
  • /
  • Հսկողութիւն եւ վերահսկողութիւն

Ամբողջական տեղեկութիւն

Հսկողության և վերահսկողության մասին

Հանրային Պաշտպանի Գրասենեակի ղեկավարը կը հսկէ հանրային պաշտպաններու կողմէ մատուցուող իրաւաբանական օգնութեան որակին եւ պայմանաժամերուն վրայ:

Մատուցուող ծառայութիւններուն հետ կապուած դժգոհութիւնները կրնան ներկայացուիլ գրասենեակի ղեկավարին կամ անոր տեղակալին: Հանրային պաշտպանի գրասենեակի գործունէութեան վրայ վերահսկողութիւն կը կատարէ Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբաններու Պալատին նախագահը: Գրասենեակի աշխատանքներուն համակարգումը կ’իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբաններու Պալատի նախագահի տեղակալին կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբաններու Պալատի կազմին մէջ կը գործէ հանրային պաշտպանի գրասենեակի մշտադիտարկման խումբ: Մշտադիտարկման պատասխանատուներուն ուշադրութեան տակ են հանրային պաշտպաններու կողմէ ցուցաբերուող անվճար իրաւաբանական օգնութեան որակը, կատարողական հաշուետուութիւնները եւ ներքին կարգաւորումներու պահանջներուն պահպանման իրավիճակը: Մշտադիտարկման պատասխանատուները կը հաւաքագրեն եւ կ’ամփոփեն շահառուներու գոհունակութեան ցուցանիշներն ու գնահատականները, կը յայտնաբերեն ընդհանուր բնոյթի խնդիրները, ինչպես նաեւ գրասենեակի ղեկավարի միջնորդութեամբ կ’օժանդակեն հսկողութեան իրականացումին:

Ըլլալով փաստաբաններ՝ հանրային պաշտպանները կ’ենթարկուին Հայաստանի Հանրապետութեան  Փաստաբաններու Պալատի կանոնադրութեան եւ փաստաբանի վարքագիծի կանոնագիրքին պահանջներուն, որոնց խախտման համար կրնան պատասխանատուութեան ենթարկուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան Փաստաբաններու Պալատի խորհուրդին կողմէ:

 

Հանրային պաշտպանի գրասենեակի

Մշտադիտարկումի խումբ

ՎԱՀԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

ՀՊԳ մշտադիտարկումի պատասխանատու

ՄԱՐՏԻՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

ՀՊԳ մշտադիտարկումի պատասխանատու

Հանրային պաշտպանի գրասենեակի

Փաստաբանների պալատի հիւսիսային ներկայացուցչութիւն