Յարգելի՛ այցելու
Կ’ողջունեմ Ձեզ ՀՀ փաստաբաններու պալատի Հանրային պաշտպանի
գրասենեակի կայքէն:
Գրասենեակը մշտապէս իրականացուցած է հանրային իրազեկման միջոցառումներ, որոնք
նպատակ ունեցած են բարձրացնելու քաղաքացիներու իրազեկութիւնը պաշտպան ունենալու եւ
իրաւաբանական անվճար օգնութիւն ստանալու իրաւունքի մասին: Այս կայքը եւս միջոց մըն
է հանրային գրասենեակի կողմէ մատուցուող ծառայութիւններու մասին իրազեկելու եւ
իրաւաբանական անվճար օգնութիւնը աւելի հասանելի դարձնելու համար:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է, որ կայքը մատչելի ըլլայ ոչ միայն
օտարալեզու այցելուներուն, այլեւ արեւմտահայերէն խօսողներուն՝ սփիւռքահայերուն:
Ատոր նպատակն է ոչ թէ տարանջատել հայութեան տարբեր հատուածները, այլ՝ հակառակը,
բոլորին համար ապահովել հաւասար պայմաններ եւ նպաստել արեւմտահայերէնի, իբրեւ
կենդանի լեզուի, օգտագործման եւ պահպանման գործին:
Ասիկա առաջին փորձն է: Վստահ ենք, որ գործնականօրէն արդիւնաւէտ կը դառնայ
ու օրինակելի՝ միւս կառոյցներուն եւ մարմիններուն համար:
Պէտք է ընդգծել, որ գաղափարը հնարաւոր դարձաւ իրագործել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ՝ «Իրաւունքներու պաշտպանութեան նախաձեռնութեան» հիմնադրամի միջոցով:
Կարիքաւոր խումբերու, ընկերային գետնի վրայ անապահով խաւերու եւ օրէնքով նախատեսուած
անձերու իրաւաբանական օգնութիւն ցոյց տալով՝ Հանրային պաշտպանի գրասենեակին մշտական ուշադրութեան ենթակայ են մեր
սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ հայրենակիցները, որոնք տարբեր պատճառներով իրաւաբանական
հարցերու առնչութեամբ աջակցութեան կարիք կ’ունենան:
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ ներկայիս այս ծրագիրի շնորհիւ Հանրային
պաշտպանի գրասենեակը հնարաւորութիւն ստացած է իրաւաբանական անվճար օգնութիւն մատուցելու
մեր սփիւռքահայ եւ հայրենադարձ հայրենակիցներուն: Իրաւաբանական անվճար
խորհրդատուութիւնը կը տրամադրուի ինչպէս Հանրային պաշտպանի գրասենեակին մէջ,
այդպէս ալ՝ առցանց: Ասիկա մեր հայրենակիցներուն հնարաւորութիւն կու տայ անմիջապէս իրաւաբանական խորհրդատու ունենալու
որեւէ իրաւաբանական խնդիրի առջեւ, ինչպէս նաեւ ցանկութեան պարագային՝ աւելի լաւ
ճանչնալու ՀՀ օրէնսդրութիւնը՝ Հայաստան այցելելու կամ Հայաստան հաստատուելու
նախապատրաստութիւն տեսնելու ատեն: